2016-06-18 11:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելենական ունկնդրութիւնը` ''Ապաշխարութիւն եւ ողորմութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 18 Յունիս 2016-ի առաւօտեան, ողորմութեան յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց Յունիս ամսուայ  հրապարակային յատուկ ունկնդրութիւնը որուն ընթացքին արտասանած իր խորհրդածութեան մէջ դարձեալ շեշտը դրաւ Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, յատկապէս անդրադառնալով Յիսուսին իր աշակերտներուն թողած պատգամին նախ քան երկինք համբառնալը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Յարութենէն ետք Յիսուս` Երկինք համբառնալէ առաջ, բազմաթիւ անգամներ կը յայտնուի իր աշակերտներուն։ Ղուկասի աւետարանը որ ունկնդրեցինք մեզի կը պատմէ այս յայտնութիւններու դրուագներէն մին (Ղուկաս 24, 45-48), որուն ընթացքին Տէրը ցոյց կու տայ քարոզչութեան հիմնական պարունակութիւնը զոր աշակերտները պէտք են նուիրել աշխարհին։  Այս մէկը կարելի է եզրակացնել երկու բառերով. ''Ապաշխարութիւն'' եւ ''մեղքերու թողութիւն'' որոնք երկու որակաւոր յատկանիշներ են`Աստուծոյ ողորմութեան, որ սիրով մեզի կը հոգայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, յայտնելով թէ այսօր նկատի պիտի առնենք ''ապաշխարութիւնը''։

Ապաշխարութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայ է բոլոր հին կտակարանին մէջ ու յատկապէս մարգարէներու քարոզութեան մէջ որոնք շարունակական կերպով կը հրաւիրեն ժողովուրդը վերադառնալու Տիրոջ Անորմէ հայցելով ներողութիւն ու փոխելով ապրելակերպը։

Ըստ մարգարէներուն ապաշխարել կը նշանակէ փոխել կեանքի ընթացքը ու դարձեալ դիմել Տիրոջ հիմնուելով այն վստահութեան վրայ որ Ինք մեզ կը սիրէ ու Անոր սէրը միշտ հաւատարիմ է։

Յիսուս եւս իր քարոզութեան որպէս առաջին բառ ընտրեց ապաշխարութիւնը։ ''Ապաշխարեցէք ու հաւատացէք Աւետարանին''։ Երբ Յիսուս մեզ կը կոչէ ապաշխարութեան Ան դատաւոր չի կանգնիր մարդոց այլ այս մէկը կ՛ընէ կարեկցութեամբ ու մարդկային վիճակի բաժնեկցութեամբ....Ողորմութիւնը հանդէպ անոնց որոնք կարիքն ունէին իրենց կեանքը փոխելու կը բացայայտուի անոր սիրալիր ներկայութեամբ, այնպէս որ իւրաքանչիւրս ներառուած ըլլայ Անոր փրկութեան պատմութեան մէջ։

Այս վարուելակերպով Յիսուս խորապէս կը յուզէր մարդոց սրտերը ու անոնք կը հրապուրէին Աստուծոյ սիրով ու կը մղուէին  իրենց կեանքը փոխելու։ Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ  Մատթէոսի դարձով (Մատթ 9, 9-13) կամ Զակքէոսի դարձով (Ղուկ 19, 1-10) , որոնք իրենք զիրենք սիրուած զգացին Յիսուսէն ու Անոր միջոցաւ Հօրմէն։

Իսկական ապաշխարութիւնը կ՛իրականանայ երբ ընդունինք շնորհքի պարգեւը ու այդ շնորհքին հաւաստիութեան նշանը այն է որ կը սկսինք անդրադառնալ մեր եղբայրներուն կարիքներուն եւ պատրաստակամ ենք դէպի անոնց ընթանալու, ըսաւ Ֆրանչիսկսոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով բոլոր ներկաները հետեւելու Տիրոջ հրաւէրին, առանց դիմադրելու այդ ձայնին, որովհետեւ միայն եթէ բացուինք Անոր ողորմութեան մենք կարող պիտի ըլլանք գտնելու իսկական կեանքը եւ իսկական ուրախութիւնը։ Խորհրդածուեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն­, հիւանդներուն ու նորապսակներուն քաջալերելով զանոնք Աւետարանիկն մէջ գտնելու կեանքի ընտրութեան քաջութիւնը, միացած մնալու Քրիստոսի սրտին հետ որուն օգնութեամբ ամրապնդել նաեւ ընտանեկան սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.